Monument of Gratitude – Gemmayze Pasteur Street, Beirut, Lebanon
Monument of Gratitude
Opening of the “Monument of Gratitude” – July 30, 2015.
Gemmayze, Pasteur Street, Beirut.
Under the patronage of the Minister of Tourism H.E. Mr. Michel Pharaon.
Երախտագիտութեան Յուշակոթող
2015
Հայոց Ցեղասպանութենէն դար մը ամբողջ անցած է արդէն, այս առիթով կու գանք այսօր Կանգնեցնելու հայ նահատակներու յիշատակը յաւերժացնող այս յուշակոթողը որու ընդմէջէն ոգեկոչելու համար անոնց նահատակութեան անմար խորհուրդը:
Այս ստեղծագործութեան ճամբով ցանկութիւնս է մարմին տալ հայ ժողովուրդի կեանքի հարիւրամեայ պայքարի երթին, շունչ տալ մեր ժողովուրդի մարտունակութեան եւ գոյատեւման ապրումներուն, ներկայացնել միաժամանակ անոր մշակոյթը, պատմութիւնը եւ դիմադրութեան ոգին միաձուլուած. երբ հայը իրողապէս իր այս ժամանակահատուածի հաւաքական երթով յաջողեցաւ ե’ւ ստեղծագործել ե’ւ պայքարիլ բռնակալ թուրքին դէմ: Հոն ներկայ է նաեւ Լիբանանցի մարդը՝ որը նոյնպէս ճաշակեց թուրք օսմանցիի բարբարոսութիւնները:
Այս քանդակը կը մէկտեղէ ցեղասպանութենէն ճողոպրած նոյնինքն հայ մարդը եւ իրեն ճակատագրակից արաբ լիբանանցին՝: Կեդրոնը ներկայացուած է հայ վերապրողը՝ անոր դէմքին վրայ կ’ուրուագծուին եղեռնի տանջանքներու իրական ապրումները եւ անոր ընկրկումները, իսկ երկու կերպարները, կը խորհրդանշեն Լիբանանահայ եւ Լիբանանցի արաբ երկու ժողովուրդներու միջեւ համերաշխութիւնը որոնք իրենց հայեացքները ուղելով երկինք, խնդրելով Աստուծմէ՝ խաղաղութիւն, սէր եւ ազատութիւն, մարդկանց միջեւ համերաշխութիւն եւ գոյակցութիւն… սա կեանքի վերապրող յոյսն է: Իսկ քանդակի ներքեւի մասով, իրարու զօրակցող ձեռքեր որոնք կը հաստատեն հայ եւ արաբ երկու ժողովուրդներու ճակատագրակից ըլլալու նշեալ երեւոյթը, անոնց ոտքերը արմատաւորուելով հողին մէջ, կուտայ ապացոյցը այն հարազատ ապրումին որը՝ հակառակ արհաւիրքներուն կեանքի կարչած մնալու զգացումին փաստը կը շեշտադրէ:
Ռաֆֆի Ետալեան
Details of the Monument
“Gratitude”
4.25m
Bronze
2015
Gemmayze Pasteur Street, Beirut, lebanon